Լրագրողական մրցոյթ

Հայաստանի Տնտեսական լրագրողներու ակումբը սփիւռքի մեր գործընկերներու համար կը յայտարարէ լրագրողական եւ հետազօտական նիւթերու մրցոյթ՝ հետեւեալ թեմաներով.
1. «Հանքարդիւնաբերութիւն․ Աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ»
2․ «Հանքարդիւնաբերութիւն․ կայուն զարգացում, բնապահպանական ընկերային կառավարչական խնդիրներ»
Նիւթերը կրնան ըլլալ տարբեր ժանրերով (տեղեկատուական - լրագրական ժապաւէն (reportage), հարցազրոյց, մասնագիտական վերլուծութիւն, ակնարկ եւ այլն)։ Նիւթին մէջ պէտք է ներկայացուի ինչպէս ոլորտի համաշխարհային զարգացումները, այնպէս ալ Հայաստանի դիրքաւորումը։ Նաեւ պէտք է իւրաքանչիւր մասնակից, ըստ ընտրած թեմային, նիւթին մէջ ներկայացնէ իր բնակութեան երկրին մէջ հանքարդիւնաբերութեան պատկերը ներկայացնող տուեալներ։
Մրցոյթի չափորոշիչները
- Նիւթի ներկայացման արհեստագիտական որակը․ կառուցուածքը, զանգուածային հաղորդամիջոցի (multimedia) գործիքներու օգտագործումը (ըստ ընտրուած ժանրի)
- Մասնագիտական չափանիշեր եւ բարոյագիտութիւն․ հաւասարակշռութիւն, փաստերու ստուգում, ճշգրտութիւն, բազմակարծութիւն, նորարարութիւն, վերլուծական մօտեցում, տեղեկատւութեան նշանակութիւն
Մրցոյթի պայմանները եւ վերջնաժամկէտը
- Մրցոյթին պէտք է ներկայացուին 2024-ի 15 Մայիսէն մինչեւ 20 Օգոստոս ինկած ժամանակահատուածին բնակութեան երկրի որեւէ լրատուամիջոցի մէջ հրապարակուած լրագրողական նիւթերը։
- Աշխատանքները պիտի գնահատուին մասնագիտական յանձնաժողովի կողմէ։
- Ներկայացող նիւթերու քանակական սահմանափակում չկայ:
Ընտրուած աշխատանքներու հեղինակները պիտի ստանան դրամական պարգեւներ եւ հաւաստագրեր: Իւրաքանչիւր ձեւաչափի համար պիտի սահմանուի մէկ մրցանակ:
Նիւթերը պէտք է ուղարկել [email protected] ել-նամակի հասցէին։